2016-05-10 09:30:00

Մայիսեան եռատօնի հանդիսաւոր նշում` Արցախի մէջ


9 մայիսին Ստեփանակերտի յուշահամալիրին մէջ Արցախի բարձրաստիճան ղեկավարութիւնն ու արցախցիները իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին զոհուած ազատամարտիկներու յիշատակին`  ծաղկեպսակ ու ծաղիկներ  զետեղելով Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին զոհուածներուն յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին առջեւ եւ Արցախեան ազատամարտի նահատակներուն շիրիմներուն վրայ:

Արարողութեան ներկայ էին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, ինչպէս նաեւ աշխարհի տարբեր երկիրներէ Արցախ գտնուող ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակներու եւ շրջանային յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.